Բարի եկած էք «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան Մանկամսուր»ի կայքէջը, ուր դուք պիտի գտնէք կարեւոր տեղեկութիւններ եւ ծանօթանաք մանկամսուրի յայտագիրներուն եւ մեր առօրեային։
Մեր մանկամսուրը ապահով եւ դաստիարակչական վայր մըն է ձեր զաւակներուն համար։ Ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ մանկամսուրը կը դարձնէ երեխային ընտանեկան շարունակութիւնը, ուր երեխան խաղով ու երգով, հաճելի եւ մանկավարժական յայտագիրներ դիտելով կը մեծնայ օրէ օր։
Մանկամսուրը ունի իր տարեկան ծրագիրը։ Ամսական յատուկ նիւթերը իրենց հաճելի վարժութիւններով կուգան երեխայի գիտելիքները զարգացնելու։ Մանկամսուրը կը հետեւի Քեպէգ նահանգի Ընտանիքի նախարարութեան կողմէ թելադրուած մանուկներու յատուկ յայտագրին՝ “Accueillir la petite enfance”։ Ունինք նաեւ շաբաթական մեր խամաճիկներու կամ թատրոնի ներկայացումները։ Խնձորաքաղի եւ cabane à sucre-ի պտոյտները, ծնողներու ընկերակցութեամբ, հաճելի առիթներ են ծնողք-մանկամսուր մտերմութիւն ստեղծելու համար։ Կաղանդը եւ այլ տօներ մեծ խանդավառութեամբ կը յիշատակենք։
Կայքէջի էջերուն ընդմէջէն դուք պիտի քաղէք կարեւոր այլ տեղեկութիւններ։ Կը յուսանք, որ այս կայքէջը պիտի ըլլայ նաեւ ձեր եւ մանկամսուրին միջեւ փոխյարաբերութեան կարեւոր եւ օգտակար միջոց։
Բարի եւ հաճելի այցելութիւն
Լիզա Մազլումեան