Կրթական ծրագիր

Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան մանկամսուրին մէջ, փոքրիկներուն առիթը կ'ընծայենք, որ անոնք ստեղծեն իրենց յատուկ միջավայրը շինիչ աշխատանքներու ընդմէջէն, ինչպէս՝ արուեստ, երաժշտութիւն, մարզանք, պարտիզպանութիւն, խոհարարութիւն, պատմութիւն եւյլն: Ուսուցման համար մենք կը դիմենք մանկավարժական յատուկ վարժութեան գիրքերու եւ կազմածներու: Փոքրերը կաւով, պարտիզպանութեան գործիքներով եւ արուեստի վերաբերեալ այլ սարքերով է որ կ'ամբարեն իրենց տարիքին յարմար գիտութիւնը:

Իւրաքանչիւր ամիս տարբեր նիւթեր կ'որդեգրուին. եւ այսպէս փոքրերը կը հրաւիրուին ճշդուած նիւթերուն շուրջ զրոյցներ ունենալու, շարժուձեւեր որդեգրելու, խաղալու, պատմուածքներ լսելու եւ արուեստի պահեր ունենալու: Աշխատանքային ծրագիրը մշակուած է հիմնուելով նախարարութեան կողմէն ճշդուած հետեւեալ սկզբունքներուն եւ ծրագրին վրայ:

  • Իւրաքանչիւր մանուկ յատուկ է, իսկ դաստիարակչական աշխատանքները պէտք է յարգեն անոր զարգացման եւ աճման կշռոյթը, ինչպէս նաեւ անոր յատուկ պէտքերը:
  • Մանկան աճումը ամբողջական հոլովոյթ մըն է, որ իր մէջ կ'ընդգրկէ անոր կարողութիւնները եւ անձին բոլոր ծաւալը:
  • Մանուկը ինքն իր աճման առաջին ազդակն է: Ան ինքն իր անձին, շուրջիններուն եւ միջավայրին նկատմամբ իր ունեցած գիտակցութիւնը ինքնուրոյն կը կազմէ:
  • Մանուկը խաղով է որ կը սորվի, խաղը մանկամսուրին գլխաւոր աշխատանքն է եւ հիմը դաստիարակչական գործունէութիւններուն:
  • Ծնողներուն եւ ուսուցչական կազմին գործակցութիւնը անհրաժեշտ է եւ կը նպաստէ մանուկին ներդաշնակ աճման:

Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան մանկամսուրը կը քաջալերէ աշակերտները որ իրենց ներդրումը ունենան մանկամսուրին նիւթերու ընտրութեան մէջ: Անոնք տարբեր առիթներով իրենց նախընտրութիւնները կ'արտայայտեն, ընտրանքներ ընելով, նախաձեռնող ըլլալով եւ լուծումներ գտնելով:

Accueillir la petite enfance !

Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան մանկամսուրը «Acueillir la petite enfance!»ի մանկավարժական սկզբունքները եւ գործունէութիւնը կը կիրարկէ: Մանկամսուրին նպատակներն են.-

Ֆիզիքական զարգացում

Մանուկին ֆիզիքական եւ շարժական աճումն ու զարգացումը ապահովելու համար, անոր կ'առաջարկենք աշխատանքներ եւ ծրագիրներ որոնք կը զարգացնեն իր համընդանուր շարժական համակարգը (վազել, մաքլցիլ, քալել, կշռոյթային): Նաեւ աշակերտներուն կը հրամցուին աշխատանքներ որոնք կ'արտօնեն հակակշռի տակ առնել իրենց շարժումները, ինչպէս՝ լէկո, հլունով աշխատանք, գրութիւն, բաւիղ եւյլն:

Մտային եւ լեզուական Զարգացում

Մանուկը պէտք է կարենայ արտայայտուիլ, միեւնոյն ատեն հարստացնելով իր բառամթերքը, այսինքն հետզ հետէ կազմելով աւելի երկար եւ ամբողջական նախադասութիւններ: Այս մէկը ընելու համար, փոքրիկը պէտք է զարգացնէ իր հաղորդակցութեան զգայարանքը՝ այսինքն խօսիլ եւ լսել կրթական միջավայրի մը մէջ ուր կը քաջալերուի արտայայտուիլը: Ան միաժամանակ կը զարգացնէ իր մտային կարողութիւնները, այսպիսով ան կրնայ աւելի լաւ սահմանել իրերը, զարգացնել իր բառամթերքը , այլ խօսքով իմացական աշխատանք կը տանի:

Ընկերային Զարգացում

Մեր փափաքն է մանուկին տրամադրել այնպիսի միջավայր, ուր կարելի կ'ըլլայ արտայայտել իր զգացումները, ուրախութիւնն ու տխրութիւնը: Կենսական է հիմնել հաղորդակցութեան այնպիսի վայր մը, ուր փոքրիկը կրնայ թափ տալ իր զգացումներուն ըլլայ այդ մէկը բերանացի կամ ոչ: Խորքին մէջ, պէտք է արտայայտէ իր զգացումները, որպէսզի կարենայ այդ մասին զրուցել չափահասներուն եւ իր տարեկիցներուն հետ ճիշդ վարուելակերպ կազմելու համար:

Բարոյական Զարգացում

Մանուկին միջավայրը, անոր ընկերային գիտակցութիւնն ու դատողութիւնը կը զարգացնէ: Այսպէս՝ մանկավարժները հաճելի միջավայր կը ստեղծեն որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել տարբեր դժուարութիւններ, ինչպէս ծնողքէն հեռանալը դպրոցի ընթացքին....: Աշխատանքներուն ընթացքին, փոքրիկը խումբի մէջ կիրարկուելիք ընկերային կանոնները կը սորվի, ինչպէս՝ հերթով խօսիլը, իր դերն ու տեղը խումբին մէջ, իր մասնակցութիւնը աշխատանքներուն եւ զրոյցներուն մէջ, ըլլայ այդ մէկը իր ընկերներուն եւ ուսուցիչներուն հետ:

Մկանային շարժումներ

Դասարանէն ներս թէ դուրս, փոքրիկները շարժական համակարգը զարգացնող տարբեր աշխատանքներու կը հետեւին: Խաղի ընթացքին անոնք փուչիկներ կամ գնդակներ կը հարուածեն ոտքերով, օղակով եւ այլ հաճելի խաղերով կը խաղան: Օրուան ընթացքին անոնք աստիճանները կը բարձրանան եւ կ'ինջնեն, իսկ եոկայի (yoga)-ի մարզաձեւն ու պարը մեծ դեր ունին անոնց հաւասարակշռութիւնը պահելու ինչպէս նաեւ զարգացնելու մէջ:

Փոքրերը նաեւ կը ծպտուին, հանելուկներ կը լուծեն եւ այլ ձեռային աշխատանքներ կը կատարեն: Անոնք երաժշտական գործիքներով խաղի պահեր կ'ունենան: Արուեստի պահուն ընթացքին անոնք կը սորվին կաւով քանդակել, խէժ եւ մկրատ գործածել: Փոքրերը նաեւ կը սորվին բծախնդրութեամբ ցանել պզտիկ հունտեր, կը հետեւին անոնց աճման եւ զանոնք կը խնամեն ջրելով: Վերջապէս, անոնք իրենց աշխատանքի սեղանները կը սրբեն, ձեռքերը կը լուան եւ դգալ-պատառաքաղ գործածելով կը ճաշեն: