Վարժութիւններ Նորածիններու Համար

Մանկամսուրի իւրաքանչիւր խումբի համար ունինք համապատասխան ծրագիր ու վարժութիւններ։ Այսպէս՝ նորածինները կամաց կամաց կը սորվին

    • Ապահով զգալ մանկամսուրէն ներս՝ իրենց ծնողքին ու հարազատներուն բացակայութեան
    • Շ’ման մէջ մտնել իրենց տարեկից երեխաներու հետ,
    • Պեղել շրջապատը իրենց զգայարանքներուն ընդմէջէն,
    • Մշակել իրենց ֆիզիքական կարողութիւնները, ինչպէս նստիլ, քալել, առանձին ուտել ու քնանալ,
    • Աստիճանաբար հաղորդակցիլ ուսուցչուհիին հետ՝ ժպտալ, մատով ցուցմունքներ ընել...,
    • Մշակել նոր ունակութիւններ, ինչպէս՝ պատմութիւն մտիկ ընել, խօսիլ, երգել,
    • Սորվիլ առողջապահական կերպեր, ինչպէս խաղալիքները բերանը չտանիլ...։

Մեր բոլոր յայտագիրները կը պատշեցնենք երեխայի աճման կշռոյթին, միշտ ընդգրկելով երեխային համար ձեր ստեղծած սովորոյթներն ու վարժութիւնը։