Նպատակն ու Առաքելութիւնը

Մանկամսուրի  նպատակն է մանկական խաղերու միջոցով քաջալերել երեխաները, որ մշակեն իրենց իմացական, հոգեկան եւ ստեղծագործական կարողութիւնները՝ մանկամսուրի ապահով եւ հարստացնող մթնոլորտին մէջ։

Նաեւ

  • Զարգացնել երեխային ֆիզիքական կարողութիւնները խաղերու միջոցով,
  • Մշակել եւ զարգացնել երեխային հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու բառապաշարն ու խօսակցութիւնը։
  • Մշակել եւ զարգացնել երեխային ինքնավստահութիւնը եւ ընկերային փոխյարաբերութիւնները՝ իր ընկերներու եւ շրջապատին հետ յաղորդակցութեամբ,
  • Յարգել իւրաքանչիւր երեխայի աճման կշռոյթը եւ անհատական կարիքները։

Մանկամսուրի առօրեան կը քաջալերէ, որ երեխաները նուազ ինքնակեդրոն դառնան տիրող ջերմ մթնոլորտին մէջ անոնք աստիճանաբար կ'անդրադառնան, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը կարեւոր անդամն է քաջալերող եւ օգնող խումբի մը։

«Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան Մանկամսուր»ը լաւագոյն ձեւով կը գոհացնէ աշխատող ծնողներուն կարիքները եւ իր յայտագիրներն ու հաճելի մթնոլորտը կ'օգնեն երեխային հեզասահ անցումին դէպի ծաղկոց։