Պատմական

Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը երկար ու անխոնջ ծրագրումներէ եւ աշխատանքներէ ետք կարողացաւ իրականացնել սեփական մանկամսուրի մը ստեղծումը, որուն յաջողութեան մեծապէս նպաստեց Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան ամոլի իշխանական նուիրատուութիւնը։

Մանկամսուրը իր դռները բացաւ 15 Հոկտեմբեր 2007ին, Սուրբ Յակոբ վարժարանի շէնքէն ներս՝ յարգելով Ընտանիքի Նախարարութեան սահմանած բոլոր կանոնները։ Սակայն շատ աւելի մեծ թիւով ծնողներ կը փափաքէին օգտուիլ ընծայուած առիթէն եւ սպասման ցանկը հետզհետէ կ՛երկարէր: Հետեւաբար Սուրբ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն ու կրթական գործադիր մարմինը միասնաբար որոշեցին ընդարձակել մանկամսուրը, ձեռք տալու աշխատող ծնողներուն, անգամ մը եւս բարերար տէր եւ տիկին Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան ամոլին իշխանական նուիրատուութեամբ, իրականացաւ այս ծրագիրը:

Ներկայիս նախարարութեան արտօնագրի համաձայն 80 երեխայի տեղ ունինք, արդէն 80-նն ալ գրաւուած են:

Շնորհիւ Մարգարեան ամոլին յաւելեալ նուիրատուութեան, մեր մանուկները ունեցան լաւապէս կահաւորուած զբօսանքի գեղեցիկ պարտէզ մը:

Մանկամսուրը ունի նաեւ ծնողական յանձնախումբ մը որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն մանկամսուրի յաջողութեան եւ բարելաւման ի նպաստ:

27 փետրուար 2012-էն սկսեալ, Մանկամսուրը կ'ընդունի 80 երեխայ.

«Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան Մանկամսուր»ը բաց է Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 7:30էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:30։